Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պաշտօնական էջին անդրադարձած է կազմակերպուած յանցաւորութեան մէջ ներգրաւուած երկու անձերու Հայաստանէն Թուրքիա արտայանձնման՝ բարձր գնահատելով այս հարցով Հայաստանի ցուցաբերած համագործակցութիւնը։
Արձագանգելով Ինթըրփոլի Կարմիր ծանուցումով ներկայացուած խնդրանքին` 2025 թուականի Յունուար 19-ին Հայաստանը Թուրքիոյ արտայանձնած է երկու անձ, որոնք Թուրքիոյ մէջ ներգրաւուած են կազմակերպուած յանցաւորութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Թուրքիոյ ՆԳՆ-ը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ Արդարադատութեան նախարարութեան` երկու անձի արտայանձնման համար։