image

Թուրքիա «կանխիչ գործողութիւններով» կը սպառնայ Յունաստանին

Թուրքիա «կանխիչ գործողութիւններով» կը սպառնայ Յունաստանին

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը սպառնացած է Յունաստանին «կանխիչ գործողութիւններով», եթէ Աթենքը չկատարէ Եգէական ծովու արեւելեան մասի կղզիներու ապառազմականացման պահանջները, տեղեկացուցած է «Keep Talking, Greece» պարբերականը։

«Մի՞թէ մեր քիթի տակ զէնք տեղադրելը սպառնալիք չէ մեր երկրի համար։ Մի՞թէ այդ մեզի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք չի տար»,- պարբերականը մէջբերած է նախարարի խօսքերը։

Աքար Յունաստանը մեղադրած է Անգարայի հանդէպ «թշնամական հռետորաբանութեան» մէջ՝ ըսելով, որ անոր պաշտպանական պիւտճէի հնգակի աւելացումը կը վկայէ այն մասին, որ երկիրը «ինչ-որ բան կը ծրագրէ» Թուրքիոյ դէմ։

Թուրք նախարարի խօսքով՝ Յունաստանը կ'ընէ «հնարաւոր ամէն բան, որ կանխէ Թուրքիոյ զէնքի, այդ շարքին ամերիկեան F-16 կործանիչներու եւ գերմանական սուզանաւերու վաճառքը։

Աւելի վաղ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը յայտարարած էր, որ վերջին ժամանակներս Յունաստանը միտումնաւոր կը խախտէ Լոզանի խաղաղութեան պայմանագրի դրոյթները, որ թոյլ տուած էր գծել Թուրքիոյ ցամաքային սահմանները, երաշխաւորել թուրք փոքրամասնութեան իրաւունքները Յունաստանի մէջ եւ հաստատել Թուրքիոյ ափերու մօտ յունական կղզիներու ապառազմականացուած կարգավիճակը։

Ան նշած էր, որ Անգարան չի կրնար հաշտուիլ նման իրավիճակի հետ, որ «կը հակասէ բարիդրացիութեան եւ պայմանաւորուածութիւնները պահելու» սկզբունքներուն»։