image

Սուրիոյ Ճազիրէի Թեմի երկար տարիներու Հոգեւոր Հովիւը արժանացաւ Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան

Սուրիոյ  Ճազիրէի  Թեմի  երկար տարիներու Հոգեւոր Հովիւը արժանացաւ Եպիսկոպոսական  Ձեռնադրութեան

Սուրիոյ Ճէզիրէ շրջանի  երկար  տարիներու Հայ Կաթողիկէ  ժրաջան հոգեւոր Հովիւ ՝  Հայր Անդրանիկ Թ.Ծ.Վարդապետ Այվազեան  ստացած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Ռատիօ  Վատիկան»ի   հայկական ծառայութիւնէն։

Կայքի գլխաւոր խմբագիր՝   Ռոպէր  Աթթարեանին գրիչով ներկայացուած  լուրը մասնաւորապէս  կը նշէ, թէ չորեքշաբթի` 5 հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Լիբանանի Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան Պատրիարքակական Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Գամիշլիի հայ կաթողիկէներու նորընտիր առաջնորդ` Գերյ. Հայր Անդրանիկ Թ. Ծ. Վ. Այվազեանի Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, առընթերակայութեամբ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի օգնական եպիսկոպոս` Արհ. Գէորգ Ասատուրեանի։

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կղերական դասի անդամները, տարբեր քրիստոնեայ յարանուանութիւններու կղերականներ, որոնք ժամանած էին նաեւ Սուրիայէն, ի միջի այլոց Մարոնիթ, հայ Առաքելական եւ Հայ Բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ` Կարդինալ Մարիօ Զենարին։

Սուրբ Զոհի աւարտին արտասանած քարոզին սկիզբը նորօծ Եպիսկոպոսը նախ իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց Պապական Նուիրակին` որպէս Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուցիչ, նորոգելով իր հնազանդութեան ու հաւատարմութեան խոստումը` Եկեղեցւոյ եւ Քահանայապետին ու նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով Կարդինալ Զենարիին` Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, ու յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն ի նպաստ գործունէութեան համար։ Արհ. Անդրանիկ Այվազեան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ «Oeuvre d'Orient»-ի տնօրէնին ու պատարագին մասնակցող հաստատութեան ներկայացուցիչներուն։

Պատարագիչ Եպիսկոպոսը ակնարկեց ապա իր քահանայական երկարամեայ գործունէութեան մասին, նշելով` որ ինք աշխատած է միշտ իր ժողովուրդին համար, փորձելով ընել իր կարելին, նոյնիսկ ամենադժուար օրերուն, օգտակար դառնալու համար իր հայրենակիցներուն ու հաւատացեալներուն։ Ան ապա աղօթք խնդրեց բոլորէն ի դիտաւորութիւն` Հայաստանի Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հայ ազգի բոլոր զաւակներուն համար, որպէսզի Աստուած զանոնք պահէ ու պահպանէ ու նաեւ իրականացնէ անոնց բոլոր իղձերը։

Նորօծ Եպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ ապա արաբերէն լեզուով խօսքը ուղղեց քոյր եկեղեցիներու կղերական դասի անդամներուն, եւ հիւրերուն, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ անոնց ու հաստատելով որ «թէեւ տարբեր ծէսերու կը պատկանինք, բայց ունինք միեւնոյն արմատները»։

Ան ապա նշեց` թէ ինք իր ծառայութիւնը կը մատուցէ որովհետեւ կը պաշտէ Աստուած, կը սիրէ իր ազգը եւ կը սիրէ աղքատները եւ իր եկեղեցւոյ դռները կը բանայ բոլորին դիմաց, նա մանաւանդ այս ծանր օրերու ընթացքին։

Սուրբ զոհի աւարտին` նորօծ Եպիսկոպոսը շնորհաւորութիւնները ընդունեց Զմմառու Մայրավանքի պաշտօնական դահլիճին մէջ, որմէ ետք հրաւիրեալները մասնակցեցան սիրոյ սեղանին։

 

Լուրը՝ Vatican News-էն: