image
Հրատապ լուրեր:

Սթիւ Ուիթքոֆը գաղտնի հանդիպում ունեցած է Ռեզա Փեհլեւիի հետ. Axios

Սթիւ Ուիթքոֆը գաղտնի հանդիպում  ունեցած է Ռեզա Փեհլեւիի հետ. Axios

Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ դեսպանորդ Սթիւ Ուիթքոֆը անցեալ շաբաթավերջին գաղտնի հանդիպում ունեցած է Իրանի վերջին շահի որդի՝ Ռեզա Փեհլեւիի հետ՝ քննարկելու Իրանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը, հաղորդած է Axios-ը՝ յղում ընելով անանուն ամերիկացի պաշտօնեայի։ 

Աւելի վաղ Թրամփ, մեկնաբանելով Իրանի մէջ հնարաւոր զարգացումները, Փեհլեւին անուանած է լաւ մարդ, սակայն նշած է, որ ներկայիս նպատակայարմար չի համարեր անոր հետ հանդիպիլը որպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ։ 

Փեհլեւին աւելի վաղ տուած հարցազրոյցին նշած է, որ ինքը չէ խնդրած իրանցիներէն դուրս գալ փողոցներ եւ կռուիլ Իրանի իշխանութիւններու դէմ, այդ անոնց ցանկութիւնն էր: Անոր խօսքով՝ ան օգնութեան ձեռք մեկնած է իրանցիներու խնդրանքով:

Յիշեցնենք, որ Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերը սկսած են դեկտեմբեր 29-ին, որոնք հետագային վերածուած են զանգուածային անկարգութիւններու: