image

«Շնորհապարտ ենք Ռուսաստանին» Ասատ այցելեց Մոսկուա

  «Շնորհապարտ ենք Ռուսաստանին» Ասատ այցելեց Մոսկուա

  Ասատ նաեւ ըսաւ, որ արտաքին կողմեր կը շարունակեն խանգարել, որպէսզի Սուրիոյ խնդիրը քաղաքական հարթակի վրայ լուծուի նշելով, որ երկու բանակները՝ Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ կարեւոր ձեռքբերումներ կատարեցին եւ մինչեւ հիմա ալ կը պաշտպանեն ամբողջ աշխարհը ահաբեկիչներուն դէմ։

 

 Իր կարգին Փութին ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահը մեծ ճիգեր կը գործադրէ  խօսելու համար երկրի ընդդիմադիր հատուածներուն հետ եւ այսօր Սուրիոյ գլխաւոր խնդիրը արտաքին ուժերու Սուրիոյ մէջ գոյութիւնն է։

 

Չյայտարարուած այցելութեամբ մը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ ՝ Պաշշար Ասատ գտնուեցաւ Մոսկուա, ուր հանդիպեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։

 Այս մասին լուրը հաղորդեց «Ալ Մայատին» կայանը։

 

 Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ երկու առաջնորդներու հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակն ու վերջին զարգացումները։

 

 Քրէմլ նաեւ այս մասին կարճ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց ըսելով, որ հանդիպման ընթացքին Ասատ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ անոր ժողովուրդին Սուրիոյ ցուցաբերուած անոնց նեցուկին համար։

 

 Ասատ նաեւ ըսաւ, որ արտաքին կողմեր կը շարունակեն խանգարել, որպէսզի Սուրիոյ խնդիրը քաղաքական հարթակի վրայ լուծուի նշելով, որ երկու բանակները՝ Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ կարեւոր ձեռքբերումներ կատարեցին եւ մինչեւ հիմա ալ կը պաշտպանեն ամբողջ աշխարհը ահաբեկիչներուն դէմ։

 

 Իր կարգին Փութին ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահը մեծ ճիգեր կը գործադրէ  խօսելու համար երկրի ընդդիմադիր հատուածներուն հետ եւ այսօր Սուրիոյ գլխաւոր խնդիրը արտաքին ուժերու Սուրիոյ մէջ գոյութիւնն է։

 

 Նշենք, որ այս առթիւ Սուրիոյ նախագահութեան Թէլէկրամեան էջը հանդիպման մասին կարճ տեսանիւթ մը հրապարկեց, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։