image

Սամիր Ժահժահին դէմ դատական հա՞յց

Սամիր Ժահժահին դէմ դատական հա՞յց

Պէյրութի Ղոպէյրի շրջանի քաղաքապետարանը դատական հայց ներկայացուցած է ընդդէմ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի՝ անցեալ Հինգշաբթի Թայյունէի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու եւ լիբանանեան բանակին կողմէ ձերբակալուածներու յանցագործութեան լոյսին տակ:

Քաղաքապետ Մաան Խալիլ յայտնած է, որ «հայցը մեր կողմէ անձնական իրաւունք է, քանի որ զոհուած է քաղաքապետարանի ոստիկաններէն Մոհամմատ Սայիտը, եւ ոստիկանութեան յանձնակատարի կինը՝ Մարիամ Ֆարհաթը, եւ վիրաւորուած է այլ պաշտօնեայ մը»: Ինչպէս նաեւ որովհտետեւ դիպուկահարներու կրակոցներուն հետեւանքով բնակելի շէնքերուն վնաս հասցուած է եւ տարածքին մէջ գտնուող շարք մը հաստատութիւններ փակուած են:

Քաղաքապետը վստահեցուց, որ հայցը կու գայ հասարակական եւ քաղաքայիններու իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրին մէջ, ընկերատնտեսական անվտանգութիւնը պահպանելու համար, «որովհետեւ միջադէպը բարոյական մեծ վնաս պատճառեց մարդոց, երբ անոնցմէ ոմանք ստիպուած եղան լքել իրենց տուները դիպուկահարի գործողութիւններուն եւ անոնց տուներուն հասցուած վնասներուն պատճառով»: Խալիլ նշեց, որ հայցը քաղաքապետարանին եւ հանրութեան իրաւունքի եւ քաղաքայիններու փոխհատուցման ապահովման համար է: