Ռուսիոյ զինուած ուժերը ինքնահռչակ Լուկանսկի Ժողովրդական Հանրապետութեան (ԼԺՀ) մարտիկներուն հետ մտած են Լիսիչանսք քաղաք, որ կը շարունակէ մնալ Ուքրանիոյ վերահսկողութեան տակ:
Դաշնակից ուժերու յառաջխաղացման մասին տուեալները հաստատած են Տոնպասի առաջնագիծին վրայ ռազմական թղթակից Սիմէոն Փեկովի աղբիւրները: Այժմ քաղաքի ծայրամասերին մարտեր են:
ԼԺՀ-ի ներքին գործոց նախարարի օգնական Վիթալի Քիսելեօւը յայտնած է, որ Լիսիչանսքի շուրջ օղակը մինչեւ Յունիս 24-ի երեկոյեան կրնան փակել ԼԺՀ-ի ժողովրդական զինեալները եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերու դաշնակից ստորաբաժանումները` արեւմուտքէն:
Յունիս 23-ի երեկոյեան ԼԺՀ-ի ղեկավար Լէոնիտ Փասեչնիքը յայտարարած էր, որ Լիսիչանսքի շուրջ օղակը պիտի փակուի երկու-երէք օրէն: Քաղաքական գործիչը ըսած էր, որ առայժմ չի կրնար մանրամասն բացայայտել «զինուորականներու որոշ գաղտնիքներէ» այս առնչութեամբ: