Աւելի քան հարիւր ուքրանուհի վերադարձած է ռուսական գերութենէն։ Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Անտրէյ Երմաքը։
«Այսօր յաջողեցանք իրականացնել գերիներու հերթական լայնածաւալ փոխանակումը։ Յատկապէս զգացմունքային եւ իսկապէս առանձնայատուկէր այն, որ մենք գերութենէն ազատեցինք 108 կին։ Սա առաջին ամբողջովին իգական սեռի ներկայացուցիչներու փոխանակումն էր։ Մայրերն ու դուստրերը գերութեան մէջ էին, անոնց կը սպասէին իրենց հարազատները»,- ըսած է Երմաք։
Կը հաղորդուի, որ ազատ արձակուած աղջիկներն ու կիները պիտի անցնին բուժզննում եւ վերականգնման շրջան: