ՆԱԹՕ-ն շահագրգռուած է, որ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը պատերազմի չվերածուի Ռուսաստանի եւ դաշինքին միջեւ: Այս մասին ըսած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ:
«Մեր պարտականութիւնն է աջակցիլ Ուքրանիոյ, ինչ որ մենք կ'ընենք տարբեր ձեւերով, ինչպէս նաեւ ապահովել, որ այս հակամարտութիւնը դուրս չգայ վերահսկողութենէն կամ դուրս չգայ Ուքրանիոյ սահմաններէն», ըսած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը:
Այդ նպատակով, ինչպէս նշած է Սթոլթընպըրկ, ՆԱԹՕ-ն զգալիօրէն մեծցուցած է իր ռազմական ներկայութիւնը դաշինքի արեւելեան թեւին մէջ` «ծովին եւ օդին մէջ», եւ կրկնապատկած է իր մարտական խումբերու ներկայութիւնը Պալթեան երկիրներուն մէջ:
Սթոլթընպըրկ ընդգծած է, որ կ'աջակցի Ուքրանիոյ, սակայն այս պահուն կարեւոր է, որ այս հակամարտութիւնը չվերածուի լայնամասշտաբ պատերազմի ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ, քանի որ, ըստ անոր, այդ պիտի յանգեցնէ շատ աւելի մեծ վնասներու, աւերածութիւններու եւ մարդկային կորուստներու, քան հիմա Ուքրանիոյ մէջ»:
«Ուքրանիոյ սահմաններէն դուրս մագլցումը շատ կոշտ պատասխան պիտի ստանայ ամբողջ դաշինքին կողմէ»,ըսած է գլխաւոր քարտուղարը: