Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորները եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներ սկսած են շրջաններու բնակչութեան հետ՝ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ տեղեկատւութիւն ներկայացնելու, տեղւոյն վրայ առկայ հրատապ խնդիրներուն ծանօթանալու եւ բնակչութեան յուզող հարցերուն պատասխանելու նպատակով:
«Արմէնփրէս»-ի թղթակցի հաղորդմամբ՝ 4 յունուարին Արցախի ԱԺ «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեանը, «Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Մելքումեանը եւ պետական նախարարի խորհրդական, օպերատիւ շտաբի անդամ Գրիգորի Մարտիրոսեանը հանդիպած են Մարտակերտի շրջանի Պօղոսագոմեր, Դրմբոն, Կոճողոտ եւ ենթաշրջանի շարք մը այլ համայնքներու բնակչութեան հետ:
«Մենք տարեվերջին որոշել էինք իրականացնել այս այցելութիւնները, համայնքներում ներկայացնել ստեղծուած իրավիճակը, հետագայ անելիքները, ինչպէս նաեւ լսելու նրանց բարձրաձայնած խնդիրները, որոնք առաջացել են շրջափակման հետեւանքով: Այս ընթացքում նաեւ բաւականին հարցեր են կուտակուել, որոնց անհրաժեշտ է պատասխանել: Յետադարձ կապի միջոցով մենք բնակչութիւնից ստանում ենք նաեւ այն հարցերը, որոնք հրատապ լուծումներ են պահանջում»,- նշած է Արթուր Յարութիւնեանը՝ յայտնելով, որ առաջիկայ օրերուն Արցախի շրջաններու համայնքներու բնակչութեան հետ այս հանդիպումները շարունակական պիտի ըլլան:
Հանդիպումներու ընթացքին Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորները եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցած են Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը փակելու հետեւանքով առաջացած խնդիրներն ու անոնց լուծման ուղիները:
Համայնքներու բնակիչները բարձրաձայնած են անվտանգութեան, հիւանդները տեղափոխելու համար վառելանիւթ տրամադրելու եւ ապաշրջափակման բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:
ԱԺ պատգամաւորները առկայ խնդիրներու լուծման առումով կարեւորած են միասնութիւնն ու համերաշխութիւնը՝ հաւաստիացնելով նաեւ, որ Արցախի մէջ առկայ են առաջին անհրաժեշտութեան որոշ տեսակի պարէնամթերքի պաշարներ, որոնք շրջափակման շարունակութեան պարագային կը բաւականացնեն տեւական ժամանակ:
Պատգամաւոր Դաւիթ Մելքումեանն ալ անդրադարձած է շրջափակման վերաբերեալ այս օրերու ատրպէյճանական տեղեկատուական կեղծիքներուն, որոնց նպատակը Արցախի մէջ խուճապ սերմանելն է:
Անոր խօսքով՝ նման այցերու եւ հանդիպումներու նպատակը բնակչութեան նաեւ ճիշդ տեղեկատւութիւն փոխանցելն է:
Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորները եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչները յորդորած են չտրուիլ հակառուսական տրամադրութիւններ սերմանող քարոզչութեան:
«Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, ի դէմս Արցախում տեղակայուած խաղաղապահների, այս պահին լայնածաւալ պատերազմի հաւանականութիւնը նուազեցնող միակ գործօնն է»,-շեշտած է Արթուր Յարութիւնեանը:
Պետական նախարարի խորհրդական, օպերատիւ շտաբի անդամ Գրիգորի Մարտիրոսեանն ալ անդրադարձած է պարէնային ապրանքներու եւ վառելանիւթի առկայ պաշարներուն վերաբերող հարցերուն:
«Տարիներ առաջ պետական որոշակի պահուստ ձեւաւորուել էր, բայց երկար պահպանման մթերքի՝ մասնաւորապէս ալիւր, պահածոներ, ցորեն, մօտ 9 անուն ապրանք: Դրանք առկայ են եւ սոված, ամէն դէպքում, չենք մնալու: Սահմանափակ է բենզինի ու դիզվառելիքի ծաւալը: Երբ ստեղծուեց օպերատիւ շտաբը, առաջին հերթին գոյքագրուեցին դրանց առկայ ծաւալները եւ վերահսկողութիւն սահմանուեց, ըստ որի՝ դրանք ուղղւում են յատուկ ծառայութիւնների աշխատանքի կազմակերպմանը՝ շտապօգնութիւն, փրկարար ծառայութիւն եւ այլն»,- մանրամասնած է Գրիգորի Մարտիրոսեանը՝ ընդգծելով առկայ պաշարների խնայողական օգտագործման անհրաժեշտութիւնը:
Այնուհետեւ հանդիպումները շարունակուած են Դրմբոն, Կոճողոտ եւ ենթաշրջանի շարք մը այլ համայնքներու մէջ, որոնց ընթացքին երկուստէք պահանջուած եւ անհրաժեշտ համարուած են նման քննարկումները՝ ստեղծուած իրավիճակը համախումբ ուժերով յաղթահարելու համար: