image

Պոլսոյ մէջ վերամուտ

Պոլսոյ մէջ վերամուտ

 Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»էն կը կարդանք, որ այսօր  գաղութին մէջ կրթական տարեշրջանի վերամուտի օրն է։

 

 Թերթը այս մասին տուած է համառոտ լրատւութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝ 

«2021-2022 կրթական շրջանը սկսաւ այս առաւօտեան առաջին զանգով։ Թէեւ բազմաթիւ վարժարաններու մէջ դասաւանդութիւնը արդէն սկսած էր, սակայն, կրթական շրջանի բացման համար յայտարարուած պաշտօնական թուականը այս օրն է։ Պոլսահայ վարժարաններէն ներս ալ հնչեց առաջին զանգը։ Սա նոր փուլ մըն է, որ կը բնորոշուի մէկ կողմէ յոյսերով, իսկ միւս կողմէ մտահոգութիւններով։ Արդարեւ, քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով աւելի քան տարիէ մը ի վեր երես առ երես ուսուցումը կանգ առած էր ստիպողականօրէն, ինչ որ արդար մտահոգութիւններու պատճառ կը դառնար նոր սերունդի հեռանկարային պատրաստութեան տեսակէտէ։ Հիմա այդ առումով յառաջացած բացը հաւասարակշռելու հնարաւորութիւնը ստեղծուած է։ Յամենայնդէպս, օրակարգի վրայ կը մնայ նաեւ համաճարակի վերաբերեալ մտահոգութիւնները։ Ուրեմն, այս հակասութիւնները կը բնորոշեն ներկայ վերամուտի միջավայրը»։

 

 

 Լուսանկարը՝   «Ժամանակ»ի լուսանկարիչներէն՝  Մկրտիչ  Արծիւեանի