Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պոլսոյ միաբանութեան կարող եւ խոստմանալից միաբան հայրերէն՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ ծ. Վրդ. Անուշեանի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ համայնքային շրջանականեր յարգած են անոր յիշատակը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ժամանակ» օրաթերթէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝
Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան երէկ մեր համայնքէն ներս յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ ոգեկոչուեցաւ վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ։
Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ վախճանեալ հայր սուրբի հոգւոյն ի հանգիստ։
Յետմիջօրէի ժամերուն ալ այցելութիւն մը տրուեցաւ հայր սուրբի Շիշլիի գերեզմանատան շիրիմը, ուր եւս հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ։ Բոլոր ներկաները բիւր յարգանքով ու կարօտով վերյիշեցին հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, որու բարոյական ներկայութեան առջեւ բերին իրենց խոնարհումը եւ աղօթեցին անոր յաւիտենական հանգստութեան համար։