Պոլսսահայ պատանի Արտա Արատ կարեւոր ձեռքբերում մը ունեցած է։
Ան մասնակցելով 2009 թուականի տարիքային դասակարգի մարմնամարզի մրցումներուն գրաւած է առաջին դիրքը ու այդպիսով համարուած՝ «Թուրքիոյ ամենարագ»ը
Ստորեւ կը ներկայացնենք Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի այդ մասին տրուած լրատւութիւնը։
Շիշլի մարզակումբի յաջող ներկայացուցիչներէն Արտա Արատ վերջերս մասնակցեցաւ կարեւոր մրցաշարքի մը։ Մարմնամարզութեան ճիւղին մէջ, Իսթանպուլի Եւրոպական ափի՝ 2009 թուականին ծնած արական սեռէ մարզիկներու շարքին ան նուաճեց առաջնութիւն՝ դասուելով «Թուրքիոյ ամենաարագը»։
Հարկ է նշել, որ Արտա Արատ մարմնամարզի ճիւղէն ներս Շիշլի մարզակումբի առաջին վկայեալ մարզիկն է։ Իր գործունէութիւնը յառաջ կը տանի մարզիչ Հասան Էօզպաքըրի վերահսկողութեան տակ։ Ակումբի վարչայինները եւ մարզիչը մեծ յոյսեր դրած են անոր վրայ։