image

Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեանը

Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝ 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանը:

Վարչապետը շնորհաւորած է դեսպան Արիսեանը դիւանագիտական առաքելութեան մեկնարկի կապակցութեամբ եւ մաղթած արդիւնաւէտ գործունէութիւն ի նպաստ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման: «Հայաստանը կարեւորում է Սիրիայի հետ համագործակցութիւնն ու պատմական կապերը: Մենք հետեւում ենք զարգացումներին եւ մաղթում, որպէսզի բարեկամ Սիրիան օր առաջ յաղթահարի ճգնաժամը», - նշած է Նիկոլ Փաշինեան: Վարչապետն անդրադարձած է ՀՀ կողմէ 2019թ. Սուրիա ուղարկուած մարդասիրական առաքելութեան, որ ծաւալած է մարդասիրական ականազերծման, բնակչութեան հակաականային իրազեկման, բժշկական ծառայութիւններու մատուցման գործունէութիւն:

Դեսպան Նորա Արիսեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ խօսքերու համար եւ ընդգծած, որ իր համար՝ նաեւ որպէս սուրիահայի պատիւ է Հայաստանի մէջ դիւանագիտական ծառայութիւնը: Ան Սուրիոյ իշխանութիւններու անունով երախտագիտութիւն յայտնած է ՀՀ իշխանութիւններուն՝ երկրին ցուցաբերուող մարդասիրական աջակցութեան համար եւ նշած, որ լաւագոյն ջանքերը պիտի գործադրէ փոխյարաբերութիւններու առաւել սերտացման ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները կարեւորած են սուրիահայ համայնքի դերը հայ-սուրիական կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Միտքեր փոխանակուած են համագործակցութեան օրակարգի եւ հեռանկարներու շուրջ: