Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցչութիւնը արձագանգած է Լաչինի միջանցքի շրջափակման ու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն:
«Եւրոմիութեան հետ համատեղ`Ֆրանսան կը շարունակէ իր ներդրումը ունենալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան զարգացման ջանքերուն, այդ շարքին` Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) շրջածիրէն ներս: Ֆրանսան կոչ կ'ընէ Ատրպէյճանին վերականգնելու անցեալ տարուամ դեկտեմբեր 12-էն արգելափակուած Լաչինի միջանցքով տեղաշարժելու ազատութիւնը»,- գրուած է ներկայացուցչութեան Թուիթըրի էջին։