Այսօր` Չորեքշաբթի, «Մայատին»ի թղթակիցը յայտնած է, որ 5 պաղեստինցի երիտասարդներ վիրաւորուած են, որոնց մէջ նաեւ մէկը՝ ծանր վիճակով, երբ իսրայէլեան ուժերը ներխուժած են Նապլուսէն հարաւ գտնուող Պեթա քաղաքը:
Թղթակիցը խօսած է նաեւ պաղեստինցիի մը մահուան եւ եւս 18-ի վիրաւորուելուն մասին, երբ անոնք կը դիմադրէին Նապլուսի գրոհին, մինչ իսրրայէլեան ուժերը ձերբակալած էին 11 պաղեստինցիներ Յորդանան գետի արեւմտեան ափէն:
Իսրայէլեան ուժերը մի քանի առանցքներէ ներխուժած են Ժըննինի արեւելեան թաղամաս: Անոք նձերբակալման զանգուածային արշաւ սկսած են Ժըննինի, Թուլքարմի, Նապլուսի եւ Քաբաթիայի մէջ:
Իսկ երկու երիտասարդներ վիրաւորուած են այսօր` Չորեքշաբթի լուսադէմին, իսրայէլեան զօրքերուն կողմէ Խալիլի հիւսիսը գտնուող Պէյթ Ումար քաղաքի մուտքին մօտ: Անվտանգութեան աղբիւրները յայտնած են, որ իսրայէլեան ուժերը իրական փամփուշտներ արձակած են խաղաղ բնակիչներու ուղղութեամբ եւ վիրաւորած են երկու երիտասարդ, որոնցմէ մէկը տեղափոխուած է Խալիլի Ալ-Ահլի հիւանդանոց:
Ականատեսները կը պատմեն, որ իսրայէլեան ուժերը ձերբակալած են երկրորդ վիրաւոր երիտասարդը` առանց անոր առողջական վիճակին մասին իմանալու, թոյլ չտալով բժշկական եւ շտապօգնութեան աշխատակիցները հասնին անոր:
Պէյթ Ումար քաղաքը դաժան առճակատումներու ականատես եղաւ, երբ իսրայէլեան ուժերը ճնշեցին Ժըննին գաղթակայանին համար կազմակերպուած համերաշխութեան երթը, որու ընթացքում տասնեակ մարդիկ շնչահեղձ եղան եւ վիրաւորուեցան ռետինապատ մետաղական փամփուշտներէ:
Երեքշաբթի երեկոյեան պաղեստինցի մը վիրաւորուած էր ռետինապատ մետաղական փամփուշտներէ, իսկ ուրիշներ շնչահեղձ եղած են բռնագրաւուած Արեւմտեան ափին մէջ բռնկած բախումներուն ժամանակ: