«Արեւելք» (Նիկոսիա),- Կիպրոսի մէջ կաթողիկոսական փոխանորդի նշանակումէն ասդին Թեմի ներկայացուցչական մարմիններ կը շարունակեն ծանօթացման-շնորհաւորման այցելութիւններ տալ Գերշ. Տ. Կոմիտաս եպս. Օհանեանին։
Այս ծիրէն ներս, օրերս Սրբազան հօր այցելութիւն տուած են Կիպրոսի հայագաղութի ՌԱԿ-ը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։
Երկուշաբթի 12 օգոստոս 2024ի առաւօտեան Առաջնորդարանս այցելեցին Ռամկավառ Ազատական Կուսակցութեան Վարչութեան անդամները, որոնք շնորհաւորեցին եւ բարի գալուստ մաղթեցին Սրբազան հօր Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակման առիթով ։
Անոնք ունեցան ծանօթացման զրոյց հաճելի մթնոլորտի մէջ։