Ռուսաստանի նկատմամբ ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը եւ Ուքրանիոյ էջ տիրող իրավիճակը երկիրը պիտի յանգեցնեն վաղաժամ անկման, ըսած է բրիտանական խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, Բրիտանական աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ճորճ Կալոուէյը:
Ան աւելի վաղ Թուիթըրով գրած էր, որ ամերիկացիներն ու եւրոպացիները պիտի վճարեն ՆԱԹՕ-ի խելայեղ եւ ինքնասպանութեան առաքելութեան գինը` Ռուսաստանը զսպելու համար:
«Ես իսկապէս չեմ հաւատար, որ Միացեալ Նահանգները ի վերջոյ պիտի շահի հակամարտութենէն: Կը կարծեմ, որ Սպիտակ տան բոլոր գործողութիւնները շատ յստակ կը պատկերեն կայսրութեան մօտալուտ անկման եզրին գտնուիլը», ըսած է Կալոուէյ:
Անոր խօսքով, ամերիկեան հզօրութեան գագաթնակէտը մնացած է ետին. Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ապագային պիտի բախին հակառուսական պատժամիջոցներու արդիւնքով` ներքին շուկային մէջ գիներու բարձրացման եւ քաղաքացիներու դժգոհութեան: Միեւնոյն ժամանակ, եւրոպացի դաշնակիցները չեն կրնար շարունակել աջակցիլ Ուաշինկթընին եւ Լոնտոնին, քանի որ անոնք աւելի տնտեսապէս կախուած են Ռուսաստանէն: