image

Նախագահ Ասատ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելեց

 Նախագահ Ասատ  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններ  այցելեց

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատ  այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։

 Նախագահ Ասատ Տուպայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ապու Տապիի կառավարիչ Մոհամմատ Պըն Զայէտ Ալ Նահիան իշխանին, ինչպէս նաեւ Տուպայի կառավարիչ Մոհամմատ Պըն Ռաշէտ Ալ Մաքթումին հետ։ Հանդիպման մասին յատուկ հաղորդագրութեամբ մը անդադարձաւ Իմարաթի  պաշտօնական լրատուական գործակալութիւնը, որ մասնաւորապէս նշեց, թէ նախագահ Ասատ իր պաշտօնակիցներուն հետ քննարկած է  շրջանի ընդհանուր իրավիճակը եւ կարեւորած համատեղ ճիգերը խաղաղութեան վերահաստատման վերաբերեալ։

 Կը նշուի նաեւ, որ  Պըն Զայէտ Ալ Նահիան իշխանը կարեւորած է Սուրիոյ դերը եւ վստահեցուցած, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ համագործակցութիւնը նոր դրական  առաջընթաց պիտի ապրի։

Յիշեցնենք, որ շրջանային զարգացումներուն հետեւող դէտերու կողմէ նախագահ Ասատի այս այցը կը համարուի առանցքային եւ կարեւոր այցելութիւն մը։