image

Մոնթրէալ. Մեծ յաջողութեամբ պսակուած է «Թէքէեան»ի ամէնամեայ տօնավաճառը

Մոնթրէալ. Մեծ  յաջողութեամբ պսակուած է «Թէքէեան»ի ամէնամեայ տօնավաճառը

Տարի մը եւս մարդկութիւնը ապրեցաւ մղձաւանջը իր ապրելակերպին: Սակայն, Մոնթրէալի Հայ գաղութը քաջաբար դիմագրաւեց եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ կանգուն պահեց իր կազմակերպութիւնները, մասնաւորաբար անոր հայեցի դիմագիծը: Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը ուրբաթօրեայ ընտանեկան հաճելի համախմբումներու շարքին պատրաստեց նաեւ աւանդական իր տօնավաճառը: Շաբաթ 20 եւ Կիրակի 21 Նոյեմբեր առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ:

Յիսուն տարիներ առաջ, Ճարիի Թ.Մ.Մ.ի Կեդրոնին մէջ, առաջին պազարը կազմակերպեց Պաթմանեան ընտանիքի մեծ մայրիկը Տիկին Հերմինէ Պաթմանեանը: Ժառանգականութիւնը շարունակուեցաւ երբ 20 Նոյեմբերին 50-րդ Պազարի պատուոյ նախագահուհին, ընտանիքի հարսը՝ Շաքէ Պաթմանեան, շնորհալի կերպով բացումը կատարեց տօնավաճառին, շրջապատուած իր ընտանիքով եւ բարեկամներով: Հաւաքական Տէրունական Աղօթքէն եւ ժապաւէնի հատումէն ետք Շաքէն իր զգացումները յայտնեց հետեւեալ ձեւով՝

«Սիրելի ներկաներ.

Թոյլ տուէք իմ խորին շնորհակալութիւններս յայտնելու Թէքէեանի Վարչութեան, տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն, որոնք պատիւը ընծայեցին ինծի ստանձնելու այս տարուայ տօնավաճառի պատուոյ նախագահութիւնը: Միութեանս տիկնանց յանձնախումբի երկար տարիներու կատարած այս նուիրեալ ձեռնարկը իր բարոյական ու նիւթական ներդրումովը ոչ միայն կը սատարէ Թ.Մ.Մ.ի գործունէութեան այլ նաեւ օրինակ կը հանդիսանայ նոր սերունդին շարունակելու եւ ճոխացնելու այս գեղեցիկ տարեկան տօնավաճառը.

Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն մեր բոլորին»:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» սրահը ճաշակով յարդարուած՝ լեցուն էր պէսպիսուն սեղաններով: Ձմեռային նուրբ գործեր, Հայաստանեան արտադրութիւններ, տնային պիտոյքներ, խաղալիքներ եւ մասնաւորաբար «Արարատ Տան» երէցներու ձեռքով հիւսուած չափազանց նուրբ  մանուկներու հագուստներ, խմորեղէններու եւ անուշեղէններու սեղանը արգասիքն էր Թ.Մ.Մ.ի առաքելութեան հաւատացող տիկիններու աշխատանքին եւ նուէրին: Խճողակ, թօփիկ, միսէ միջուկ, լիցք, դդումի անուշ եւ այլն:

Շաբաթներ շարունակ հոյլ մը տիկիններ, ծածկուած բերաններով, զոհողութեամբ պատրաստեցին ընտանիքներէ կողմէ անհամբեր սպասուած մանթըները: Սիլվա Թէլլալեանի խմորի պատրաստութեամբ, Ռուբէն Նշանեանի փուռին առջեւ անտրտունջ աշխատանքով՝ անշուշտ միշտ Մարոյին թեթեւցնող քաջալերանքով, իսկ Մարօ Տէյիրմէնճեան միշտ պատրաստակամ որեւէ աշխատանքի:

Նորա Միննէթեան ժառանգ մըն է երիտասարդացէն որ յարատեւօրէն մասնակցած է Թէքէեանի գործունէութեան եւ քաջաբար համբերութեամբ սկիզբ դրաւ պազարի յաջողութեան:

Կիրակի 21 Նոյեմբերի առաւօտուն հիւրերը ճաշակեցին համեղ Սահլէպը: Հոն էր դարձեալ անձնուէր աշխատանքով միշտ հաւատարիմ Նայիրի Լաչինեանը որ ջերմ ժպիտով հիւրընկալեց ներկաները:

Տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն:

Դալար մնան յոգնած բայց հայութեամբ օծուն բոլոր աշխատողներուն ձեռքերը:

Հոծ թիւով ներկաներ առողջապահական օրէնքները յարգելով եկան եւ քաջալերեցին ձեռնարկը:

Հաւաքական համերաշխ աշխատանքը տուաւ իր դրական արդիւնքը: Անի Թօրիկեան իր տարիներու փորձառութեամբ եւ անվերապահ աշխատանքով արժանի լրումին հասցուց ձեռնարկը:

Շնորհակալութիւն եւ շնորհաւորութիւն Թ.Մ.Մ.ի ժրաջան վարչութեան, որ զօրավիգ կը կանգնի բոլոր գործունէութեան:

Վարձքը կատար բոլորին: