Մենք կը դիմենք եւ կը խնդրենք բոլոր համաշխարհային առաջնորդներէն օգնել մեզի», յաւելելով. «Կը խնդրենք միջոցներու ձեռնարկել զօրքերը հեռացնելու եւ մեզ երրորդ կողմի տարածք տեղափոխելու:
Ուքրանիոյ ծովային ռազմական զօրքի հրամանատարը, որ ուքրանական վերջին զինուած ուժերէն մէկն է շրջափակուած Մարիուփոլ քաղաքին մէջ, ըսած է, որ զօրքը կանգնած է իր վերջին օրերուն առաջ, «եթէ ոչ վերջին ժամերու», իր հրապարակած տեսագրութեան մէջ կոչ ընելով զանոնք տեղէն հեռացնելու մասին:
Սերկէյ Վոլինան` 36-րդ առանձին ծովային ջոկատէն է, որ կը գտնուի ռուսական ուժերուն կողմէ պաշարուած հսկայական «Ազովսթալ» գործարանին մէջ, կ'ըսէ, որ վերջիններս իրենց թուաքանակով կը գերազանցեն:
Տեսահոլովակին մէջ ան աւելցուցած է. «Մենք կը դիմենք եւ կը խնդրենք բոլոր համաշխարհային առաջնորդներէն օգնել մեզի», յաւելելով. «Կը խնդրենք միջոցներու ձեռնարկել զօրքերը հեռացնելու եւ մեզ երրորդ կողմի տարածք տեղափոխելու»:
Վոլինան նշած է, որ ռուսական ուժերը «առաւելութիւն ունին օդային եւ ցամաքային ուժերու, հրետանի, ռազմասարքերու եւ հրասայլերու առումով: Մենք միայն մէկ դարպաս կը պաշտպանենք (...) «Ազովսթալ» գործարանը»:
Երեքշաբթի օր նոր նախազգուշացումով Ռուսաստանը Մարիուփոլի մէջ ուքրանական ուժերուն կոչ ըրած էր «անյապաղ վայր դնելու զէնքերը»` համարելով, որ «Ազովսթալ» գործարանին մէջ գտնուող ուքրանական ուժերը յայտնուած են «աղէտալի իրավիճակի» մէջ:
Երէկ` Երեքշաբթի, Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան ուժերը բարձրացուցած են հանրապետութեան դրօշը «Ազովսթալ» գործարանի տարածքին վրայ, ուր թաքնուած են ուքրաինացի վերջին կռուողները:
Ռուսական բանակը յայտարարած է գործարանին մէջ շրջափակուած ուքրանացի զինուորներուն եւ զինեալներուն համար միջանցք բանալու մասին, յանձնուիլ եւ զէնքերը վայր դնել ուզողներուն համար: