Ֆիլմարտադրող Արմէն Գրիգորեանը մահացած է:
Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի «Կեդրոն» նստավայրին մէջ ֆիլմարտադրող Արմէն Գրիգորեանի գործով նախնական դատալսումներու ժամանակ անոր ինքնազգացողութիւնը վատացեր է։
Դատական նիստի ընթացքին՝ անոր պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանի խօսքի ժամանակ Գրիգորեանն ուշաթափեր է, եւ անոր կեանքը կարելի չէ եղած փրկել:
Արմէն Գրիգորեանը անազատութեան մէջ կը գտնուէր 17 մայիսէն:
17 Մայիսին ՀՀ ԱԱԾ-ն յայտնած էր, որ ազգային արժանապատուութիւնը հրապարակայնօրէն նուաստացնելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի շրջածիրէն ներս Արմէն Գրիգորեանը ձերբակալուած էր: