Լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան չորս անդամ զոհուած է Լիբանանի հարաւային Ալ-Նաքուրա քաղաքին մէջ իսրայէլեան վերջին հարուածներու հետեւանքով:
Այս մասին յայտնած են է լիբանանեան լրատուամիջոցները։
Ըստ հաղորդագրութիւններու՝ բոլոր զոհուածները «Հըզպալլա»-ի անդամներ էին, որոնցմէ մէկը՝ երկրի հարաւային մասի բարձրաստիճան պաշտօնեայ:
Իր հերթին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ Լիբանանի կողմէ գնդակոծութիւններ եղած են Իսրայէլի տարածքի վրայ։ Բացի այդ, Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը Telegram-ի իր ալիքով հաղորդած է, որ հարուածած է «ահաբեկիչներու ջոկատը, որ նոյնականացուած էր Լիբանանի Եարունի շրջանին մէջ»:
«Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը նաեւ հարուածներ հասցուցած է հսկողութեան միջոցներուն, ինչպէս նաեւ ռազմական ենթակառուցուածքին, ուր կը գտնուէին «Հըզպալլա»-ի ահաբեկիչները», - յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը: