image
Հրատապ լուրեր:

Լաւրով կարեւորած է Մերձ. Արեւելքի քրիստոնեաներու անվտանգութեան հարցը

Լաւրով կարեւորած է  Մերձ. Արեւելքի քրիստոնեաներու անվտանգութեան հարցը

 

«Համաշխարհային հանրութիւնը պէտք է յստակ միջոցներ ձեռնարկէ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի հիւսիսի քրիստոնեաներուն հետապնդումները կանխելու համար, անհրաժեշտ է նաեւ միջազգային մակարդակով  «բարձրացնել ձայն»  յօգուտ այս խնդրի լուծման»: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերգէյ Լաւրովը «Ռուսաստան-24» հեռատեսիլային կայանի տուած հարցազրոյցի ժամանակ, գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

Նախարարը նշած է, որ ԱԳՆ-ը եւ Ռուսաստանի Ուղղափառ եկեղեցին բազմաթիւ համատեղ նախագիծեր ունին, որոնցմէ ամէնէն արդիականներէն է Ափրիկէի հիւսիսի եւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան ուղղուած յստակ քայլերու ընդունումը: Լաւրովի խօսքերով, ԵԱՀԿ եւ  ՄԱԿ հարթակներու վրայ արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնին հետ միասին կը կատարուի յատուկ համագումար` ուղղուած քրիստոնեաներու աջակցութեան:

«Անոր կը մասնակցին գործընկերներ Վատիկանի, Սուրբ Աթոռէն, Հայաստանի, Հունգարիոյ, Պելառուսիոյ, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, որոնք վտանգ կը տեսնեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն հետագայ նորմալ, հանգիստ եւ անվտանգ կեանքին մէջ: Անոնցմէ՝ հարիւր հազարաւորներ  փախած են, երբ այնտեղ սկսած են «ժողովրդավարութիւն» հաստատել: Նախ, Իրաքի, այնուհետեւ Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ: Յատկապէս քրիստոնեայ բնակչութիւնը կը տառապի սուրիական հակամարտութենէ: Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը քրիստոնէութեան բնօրրաններէն մէկն է: Անհրաժեշտ է բարձրացնել ձայն յօգուտ անոր, որ համաշխարհային հանրութիւնը ոչ միայն ուշադրութիւն դարձնէ այս խնդրին, այլ նաեւ  յստակ միջոցներ  ձեռնարկէ քրիստոնեաներու հետապնդումները կանխելու համար»,-ըսած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարարը: