image
Հրատապ լուրեր:

«Կը ներէք, բայց ես հայուհի չեմ». Ինտիրա Կանտին եւ Տմիթրի Նալպանտեան. Անհասկացողութիւն, կոպտում եւ ...լուռ հիացմունք

«Կը ներէք, բայց ես հայուհի չեմ».  Ինտիրա Կանտին եւ Տմիթրի Նալպանտեան. Անհասկացողութիւն, կոպտում եւ ...լուռ հիացմունք

Մեր օրերուն դժուար է պատկերացնել, որ քաղաքական գործիչներ սովորական լուսանկարուելու փոխարէն, իրենց նկարները պատուիրեն յայտնի նկարիչներու, որոնք ներակայացնեն իրենց ամբողջ հմայքն ու խստութիւնը, եւ միեւնոյն ժամանակ, մարդոց մօտ դրական տպաւորութիւն առաջացնեն։ Այդպիսի նկարիչ մըն էր հայ Տմիթրի Նալպանտեան, որ ծնած է 1906-ին Թիֆլիս եւ իր գործունէութեամբ դարձած է այդ տարիներու ամենայայտնի նկարիչներէն մէկը։

Նալպանտեան, չնայած որ հայ էր, բայց կ'ապրէր Մոսկուա։ Ան իր կեանքի ընթացքին անմահացուցած է ԽՍՀՄ-ի շարք մը քաղաքական գործիչներ։ Անոր մօտ իրենց դիմանկարը պատուիրած են այնպիսի քաղաքական գործիչներ ինչպէս՝ Սթալին, Պրեժնեւ եւ  ուրիշներ։

Սթալինի դիմանկարը Նալպանտեանի ամէնէն յաջող աշխատանքներէն մէկն է։ Ան բաւական հեշտ կ'աշխատէր ու անոր համբաւը շատ արագ տարածուած էր  աշխարհով մէկ. Նալպանտեան իր պատրաստած մէկ նկարով կրնար քանի մը ինքնաշարժի գումար վաստակիլ։

Ոչ բոլորը սակայն, կրնային Նալպանտեանի մօտ նկար պատուիրել, այդ տրուած էր միայն յայտնի դէմքերուն ու քաղաքական գործիչներուն։ Նալպանտեան, նաեւ իր վրձինով պատկերած է յայտնի «Վերնատան» անդամները, որոնք առիթը չեն փախցուցած անոր Հայաստան այցելութիւններէն մէկուն ժամանակ անկէ նաեւ դիմանկար խնդրելու։

Սակայն ամենահետաքրքիր միջադէպը այն է, որ այն ժամանակ Հնդկաստանի վարչապետ՝ Ինտիրա Կանտին ալ ետ չմնալով ընդհանուր ուղղութենէն, որոշած է իր դիմանկարը պատուիրել Նալպանտեանին։ Բայց տեղի ունեցած է անսպասելին: Կանտին չէ հաւնած Նալպանտեանի նկարը ու այսպէս արձագանգած. «Կը ներէ՛ք, ես հայուհի չեմ»։



 

Կ'ըսուի թէ վարչապետը չէ հաւնած դիմանկարը, այն համոզումով, որ նկարիչը զինք համեմատած է հայուհիներու հետ ու զինք պատկերած այնպէս, ինչպէս կը պատկերէր սովորական հայուհի մը։ Կանտին այդպէս ալ չէ կարողացած համակերպիլ այն մտքին հետ, որ իր այդքան սպասած  նկարը իր սպասածին պէս չէ եղած ու մինչեւ կեանքին վերջը բաւական կասկածամտութեամբ  վերաբերած է հայ տղամարդոց։

Չնայած, որ Կանտին չէր հաւնած իր նկարը, սակայն թանգարաններու տնօրէնները ամէն բան ըրած են, որ այդ նկարը ձեռք ձգեն ու իրենց թանգարանը կախուած տեսնեն։ Անկէ  յետոյ Կանտին փորձած է գոնէ քաղաքավար ըլլալ ու շնորհակալութիւն յայտնել նկարիչին։ Ան Տմիթրի Նալպանտեանին նուիրած է թանկարժէք նուէրներ, որպէսզի մեղմացնէ իր կոպիտ արձագանգը։

Տմիթրի Նալպանտեան մահացած է 1993-ին Մոսկուա։ Նկարիչի յագեցած կեանքը մինչեւ այսօր վառ կը մնայ մեր պատմութեան էջերուն մէջ։