image

Կիպրոսի Թեմէն յուսադրիչ լուր. Լիմասոլի եւՊաֆոսի հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ.Վրդ. Սաղտըճեան անդրանիկ պատարագ մատոյց (Լուսանկարներ)

Կիպրոսի Թեմէն  յուսադրիչ լուր. Լիմասոլի եւՊաֆոսի հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս   Ծ.Վրդ. Սաղտըճեան անդրանիկ պատարագ մատոյց (Լուսանկարներ)

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը 

 

 Յուսադրիչ լուրեր ստացանք Կիպրոսի հայոց թեմէն։

 

 Ատենէ մը ի վեր եւ հրամանով Մեծի Տանն Կիլիկոյ  Ն.Ս.ՕՏ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի  Լիմասոլ եւ Պաֆոս  քաղաքներու հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեան երէկ  իր անդրանիկ պատարագը մատուցած է Լիմասոլի մէջ։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Կիլիկեան Աթոռի երիտասարդ եւ  եռանդուն միաբան հայրերէն՝ Գերպ. Տ. Յովհաննէսը վերջին տարիներուն հովուական  կարեւոր առաքելութիւն կ՚իրականացնէր Յունաստանի Հայոց Թեմէն ներս։

 Ան նաեւ կը համարուէր  Յունաստանի  Հայոց Թեմի  նախկին առաջնորդ՝ (Այժմ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի՝ Առաջնորդ) Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի գլխաւոր գործակիցը եւ շնորհիւ համայունական կապերուն կարողացած էր  թեմական  յուսադրիչ միջավայր մը ծաւալել։Այժմ սպասելի է, որ Հայր Սուրբը նոյն եռանդով եւ ոգիով նոր ոգի ներդնէ   Լիմասոլի եւ Պաֆոսի մէջ, ուր վերջին ամեակներուն հայկական  թարմ միջավայրի մը յոյսերը երեւելի դարձած էին։

 Անսպառ եռանդ եւ նորանոր նուաճումներ  կը մաղթենք սիրելի Հայր Սուրբին եւ ստորեւ կը ներկայացնենք Թեմի Դիմատետրեան էջին այս առթիւ տեղադրած գրառումը։

 

Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2024ին, Լիմասոլի եւ Պաֆոսի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ.Վրդ. Սաղտըճեան իր անդրանիկ Պատարագը մատոյց Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան նախագահեց Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս: Ներկայ էին Լիմասոլէն, Պաֆոսէն եւ Նիկոսիայէն հաւատացեալներ:

Քարոզի պահուն Կաթ. Փոխանորդ Սրբազան Հայրը հօտին ներկայացուց իրենց նոր հովիւը, իր պատգամին որպէս բնաբան ընտրելով օրուայ Ճաշու Աւետարանէն "Հոգի Տեառն ի վերայ իմ" հատուածը, իր ուրախութիւնը յայտնելով, որ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ պատերէն ներս հովիւ եւ հօտ պիտի ընկալեն ու պահպանեն Սուրբ Հոգւոյ ներկայութիւնը: Ապա հրաւիրեց Հայր Սուրբին, որ իր անդրանիկ պատգամը ներկայացնէ: Հայր Սուրբը իր պատգամին մէջ առաջին հերթին իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ իրեն վստահեցաւ Լիմասոլի եւ Պաֆոսի հայութիւնը հովուելու պատասխանատուութիւնը. նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Սրբազան Հօր: Ապա, մէջբերելով աւետարանական դրուագը, ուր Յիսուս կը քնանար փոթորիկի ինկած նաւուն մէջ, ան յիշեցուց, թէ բոլորիս սրտերուն մէջ Յիսուս ներկայ է, սակայն ոմանց պարագային ան քնացած կ'ըլլայ: Աւելցուց, թէ ապաւինելով Հաւատքին եւ Յոյսին, իւրաքանչիւրս պարտի միասնաբար աղօթել ու զայն արթնցնել, որ մուտք գործէ մեր անհատական ու հաւաքական նաւին մէջ եւ ապահով հասցնէ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ:

Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Սեպուհ Արմենակեան խօսք առաւ եւ սրտի մեծ հրճուանքով ու լիմասոլահայութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց Հայր Սուրբին, նոյն ատեն բոլորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելով Ս. Գէորգ եկեղեցիին աւելի քան երեսուն տարի ծառայած Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Աշգարեանին:

Ապա, Սրբազան Հայրը եւ Հայր Սուրբը եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուած հիւրասիրութեան ընթացքին առիթը ունեցան ծանօթացման հանդիպում մը ունենալու ծխականներուն հետ:

Յայտնենք, թէ Հայր Սուրբը արդէն իսկ կայք հաստատած է Լիմասոլի մէջ եւ ձեռնարկած է իր առաքելութեան: Յառաջիկայ շաբաթներուն ան նաեւ պիտի այցելէ Պաֆոս եւ տեղւոյն հայութեան հետ պիտի ձեռնարկէ կազմակերպչական իր առաքելութեան: