Սեպտեմբեր 25-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Վասիլիս Փալմասը։
Այս մասին յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
ՊՆ վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է Վասիլիս Փալմասի դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ պատուոյ պահակախումբի եւ զինուորական նուագախմբի մասնակցութեամբ։ Հնչած են Հայաստանի եւ Կիպրոսի պետական օրհներգերը։
«Հայ-կիպրական համագործակցութիւնը կը ներառէ պաշտպանական գնումներու ոլորտը», ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ համատեղ ասուլիսին յայտարարած է Փալմասը։
«Կիպրոսը եւ Հայաստանը տարիներ շարունակ արդէն ձեւաւորած են բովանդակալից եւ զարգացող յարաբերութիւններ եւ համագործակցութիւն՝ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներու մէջ։ Մեր համագործակցութիւնը կը ներառէ փոխադարձ այցեր ռազմական անձնակազմի, ընդհանուր զօրավարժութիւններ եւ վարժանքներ, ինչպէս նաեւ պաշտպանական գնումներու ոլորտը։ Մեր զինուած ուժերու փոխգործակցութիւնն այդ ձեւաչափի շնորհիւ ալ աւելի ամրապնդուած է, բայց, միեւնոյն ժամանակ, զարգացած է փոխադարձ յարգանքը եւ փոխըմբռնումը։ Գերազանց կը գնահատեմ մեր յարաբերութիւնները»,- ըսած է Փալմասը։