13 Օգոստոսին, ժամը 20:17-ին Գեղարքունիքի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոն տեղեկութիւն ստացուած է, որ Սեւանայ լիճի 2-րդ հանրային լողափին մէջ հերթապահութիւն իրականացնող ջրափրկարարները ափէն 25 մեթր հեռաւորութեան վրայ նկատած են քաղաքացի մը, որ լողալու ժամանակ անհետացած է։
Յայտնած են ՀՀ ՆԳՆ փրկարար ծառայութենէն:
Ինչպէս յայտնած են ՆԳՆ փրկարար ծառայութենէն, ջրափրկարարները լողալով մօտեցած են տուեալ հատուած, մօտ 1․5 մեթր խորութենէ դուրս բերած քաղաքացին եւ ռետինէ շարժակաւոր նաւակով տեղափոխած ափ:
Շտապօգնութեան աշխատակիցներն արձանագրած են քաղաքացիի մահը:
Գագիկ Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ ջրահեղձ եղած քաղաքացին Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանի խորհրդական Ս. Օ.-ն է: