ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով Կարէն Գրիգորեան նշանակուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքը։
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի, ինչպէս նաեւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 13-րդ յօդուածի 3-րդ եւ 14-րդ յօդուածի 1-ին մասերի.
Կարէն ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻՆ նշանակել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Ապու Տապի)»,- ըսուած է հրամանագրին մէջ։
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ներկայացուցած է Կարէն Գրիգորեանի կենսագրութիւնը։