Միքայէլ (Միքա) Պատալեանին առողջական վիճակը վատթարացած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Հայելի» կայքէն։
Աղբիւրը կը նշէ, որ Պատալեան ներքին արիւնահոսութիւն ունեցած է։ Զինք տեղափոխած են Հանրապետական հիւանդանոց: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է Միքա Պատալեանին փաստաբանը։
Յիշեցնենք, որ Միքա Պատալեանը, 22 Ապրիլին, Ազատութեան հրապարակին վրայ բերման ենթարկուած ու ձերբակալուած էր։