Թուրքիոյ սեւծովեան ափը գտնուող նահանգներոն մէջ յորդառատ անձրեւները հեղեղներու պատճառ դարձած են: Reuters գործակալութեան հաղորդմամբ՝ 6 հոգի մահացած է եւ քանի մը հոգի՝ վիրաւորուած:
Մարդիկ բարձրացած են շէնքերու տանիքները, ուրկէ ուղղաթիռներով տարհանուած:
Ջրհեղեղէն յատկապէս տուժած է Քասթամոնիի նահանգը, որոշ հատուածներ ջուրը 3-4 մեթր բարձրանալով քշած տարած է փողոցը գտնուող ինքնաշարժները: Աւերուած են քանի մը տուներ, փուլ եկած են ճանապարհներ եւ կամուրջներ:
Հեղեղներէն տուժած շրջաններու մէջ մարդիկ զրկուած են ելեկտրական հոսանքէն: