image

Իսրայէլը միջնո՞րդ

Իսրայէլը միջնո՞րդ

Իսրայէլ հանդէս պիտի գայ որպէս միջնորդ Ուքրանիոյ դէմ ռուսական յարձակումը կասեցնելու համար: Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Անտրէ Երմաք:

«Իսրայէլը ստանձնած է խաղաղութեան որոնման եւ Ուքրանիոյ դէմ ռուսական յարձակումը դադրեցնելու դժուարին, բայց վեհ առաքելութիւնը: Մենք նաեւ աշխոյժ երկխօսութիւն կը վարենք Իսրայէլի հետ մարդասիրական բաղադրիչին անոր մասնակցութեան վերաբերեալ», գրած է Երմաք: