Պաղեստինեան Կարմիր մահիկի ընկերութիւնը յայտնած է, որ Իսրայէլն արգիլած է մարդասիրական օգնութեան մուտքը Կազայի հատուած «Ռաֆահ» անցակէտով, որ կը գտնուի Կազայի հատուածի հետ Եգիպտոսի սահմանին, գրած է ԹԱՍՍ-ը։
«Այսօր իսրայէլեան բռնատիրական ուժերը «Ռաֆահ» սահմանային անցակէտին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն տեղեկացուցած են, որ Եգիպտոսէն մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող բեռնատարներու անցումը Կազայի հատուած այսօրուընէ սկսեալ եւ մինչ յաջորդ ծանուցումն արգիլուած է»,-ըսուած է կազմակերպութեան X-ի էջին։
Պաղեստինեան Կարմիր մահիկի ընկերութիւնը յայտարարած է, որ Իսրայէլի այս որոշումը աւելի կը սաստկացնէ Կազայի հատուածի մէջ խաղաղ բնակիչներու տառապանքը եւ կը բարդացնէ այն կազմակերպութիւններու աշխատանքը, որոնք կը փորձեն «թեթեւցնել խաղաղ բնակիչներու եւ տեղահանուածներու դժուարութիւնները Կազայի հատուածին մէջ շարունակուող յարձակման պայմաններու մէջ»: