image

Իրաք. Ամերիկան պիտի հեռանայ, իսկ Մոսատ անհանգիստ է

  Իրաք. Ամերիկան  պիտի հեռանայ, իսկ Մոսատ անհանգիստ է

Միացեալ Նահանգները շուտով կրնայ դուրս  բերել  իր զօրքերը Իրաքէն:Այս կրնայ յանգեցնել Իրաքի ներկայ ռեժիմի տապալման եւ, որ երկիրը լիովին վերահսկելի դառնայ Իրանի կողմէն: Այս մասին յայտարարած է Մոսատի նախկին ղեկավար՝ Եոսի Քոհենը:

 

«Աֆղանիստանէն ամերիկեան զօրքերու դուրս ելլելը պէտք է բարձրացնէ մեր մտահոգութիւններն ու մտավախութիւնները այն իրական վտանգի վերաբերեալ, որ թաքնուած է ամերիկեան զօրքերու հերթական հնարաւոր դուրս ելլելուն մէջ, այս անգամ՝ Իրաքէն»,- ըսած է Քոհենը: «Իրանը մէկ վայրկեան չվարանեցաւ մեր տարածաշրջանին մէջ իր ռազմական դիրքերը ամրապնդելու ցանկութեան հարցով»:

 

«Իրանի ներկայութիւնը Իրաքի մէջ յստակ է եւ տագնապալի»,- աւելցուցած է Քոհեն,- «եւ հիմնուած է երկու յենասիւներու՝ ժողովրդական զօրահաւաքուած ջոկատներու եւ «Քուտսի» ուժերուն վրայ»:

 

Քոհենը ենթադրած է, որ Իսրայէլը եւ անոր առաջնորդները պէտք է ռազմավարութիւն ձեւակերպեն եւ յստակ նպատակներ դնեն՝ նորացուած ազգային քաղաքականութեան համար: «Մեր պահանջը պէտք է ըլլայ կայուն Մերձաւոր Արեւելք, որ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ չէզոքացնէ իրանական ներկայութիւնը ողջ տարածաշրջանին մէջ եւ թոյլ չի տայ Իրանին կորիզային պետութիւն դառնալու»:

 

Ան նշած է, որ Իսրայէլը պէտք է օգտուի անցեալ շաբաթ վարչապետ՝ Նէֆթալի Պենեթի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտընի դրական հանդիպումէն, որպէսզի կանգնեցնէ Իրանի «Մերձաւոր Արեւելքի գերիշխանութեան եւ կորիզային զէնքի տիրապետման ուղղուած քայլարշաւը»: