image
Հրատապ լուրեր:

Իրանեան ցանցահէններու խումբը «թափանցած է» իսրայէլեան բանակը

Իրանեան ցանցահէններու խումբը «թափանցած է» իսրայէլեան բանակը

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ Mosa’s Wod անուամբ ցանցահէն խմբաւորումը հրապարակած է իսրայէլեան բանակին վերաբերեալ տեղեկատուական թղթածրարներ, որոնք, ըստ երեւոյթին, կը պարունակեն հարիւրաւոր զինուորներու եւ նախազօրային միջնակարգ դպրոցի աշակերտներու տուեալներ։

Yedioth Ahronoth-ի կայքը կը յստակացնէ, որ «ի շարս այլոց, հրապարակուած է թղթածրար մը, որ կը պարունակէ մարտական ուժերու ամբողջական մանրամասնութիւնները, ներառեալ ուժերու համակարգերու ծրագրաւորումը, զինուորներու անունները, անոնց պաշտօնները եւ որակաւորումները»:

Թղթածրարը, որ հրապարակուած է խմբաւորման կողմէ, կը պարունակէ նաեւ «այբբենական կարգով աղիւսակ մը, որ կ'ընդգրկէ հարիւրաւոր զինուորներու անունները, ելեկտրոնային հասցէները, հեռախօսահամարները եւ բնակութեան հասցէները, ինչպէս նաեւ զօրամասերուն մէջ պահեստազօրի զինուորներու ամբողջական տուեալները», կ'ըսէ Yedioth Ahronoth:

Կայքը նաեւ կը մատնանշէ, որ «բազմաթիւ թղթածրարներ կը պարունակեն մանրամասնութիւններ հազարաւոր երիտասարդներու եւ մեծահասակներու, անվտանգութեան ծառայութեան թեկնածուներու, զինուորներու, որոնք մասնակցած են կամ կը մասնակցին բանակի զօրակոչը խրախուսելու նախագիծերու»:

Անցեալ Երկուշաբթի խմբաւորումը հրապարակած էր պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանցի նկարները՝ սպառնալով, որ ան հետապնդուած է:

Կայքը կ'ըսէ, որ «ըստ գնահատականներու՝ այդ կապուած է իրանեան խմբաւորման հետ, որուն նպատակն է ազդել գիտակցութեան վրայ», նշելով, որ «նոր խմբաւորման արտահոսքերը կը յատկանշուին՝ «պիտի շարունակինք պայքարիլ այնքան ատեն որ դեռ ձեր բարոյական յանցագործութիւնները չեն բացայայտուած, ձեր աւարտը մօտ է», «մենք ձեզ պիտի հետապնդենք ու գտնենք ուր որ ձեր միտքէն անգամ չ'անցնիր, այս տակաւին սկիզբն է» արտայայտութեամբ:

Կանցի վերաբերեալ գրուած է. «Գիտենք բոլոր որոշումներդ, եւ վերջապէս մենք պիտի թիրախաւորենք այն վայրը, որ ձեր մտքով չ'անցնիր: Մենք ունինք Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Պենի Կանցի վերաբերեալ գաղտնի փաստաթուղթեր: Ունինք լուրեր, զեկոյցներ, գործնական քարտէզներ, տեղեկութիւններ ստորաբաժանումներու, ուժերու, հնարաւորութիւններու եւ հաղորդագրութիւններու մասին: Մենք պիտի հրապարակենք այս տեղեկատուութիւնը, որպէսզի աշխարհը իմանայ բոլոր յանցագործութիւններդ»: