image
Հրատապ լուրեր:

Իրան-Սէուտական Արաբիա նոր գործակցութիւն

Իրան-Սէուտական Արաբիա նոր գործակցութիւն

Իրան յայտարարեց դէպի Սէուտական Արաբիա արտահանումը վերսկսելու մասին, տարիներու ընդմիջումէն յետոյ:

Իրանի մաքսային ծառայութեան խօսնակ Ռուհոլլահ Լըթէյֆի ըսած է, որ «կան իրանեան ապրանքներու երկու փոխադրումներ, որոնք արտահանուած են Սէուտական Արաբիա վերջին ժամանակահատուածին»:

Լըթէյֆի նշած է, որ «դէպի Սէուտական Արաբիա արտահանման վերսկսումը կ'արտացոլէ երկու կողմերուն կամքը ՝ ամրապնդելու յարաբերութիւնները, ինչ որ Իրաքի միջնորդութեամբ իր կատարած քննարկումներուն արդիւնքն է», բացատրելով, որ արտահանման ծաւալը «դեռ փոքր է եւ բաւարար չէ, բայց այդ տնտեսական կապերու ամրապնդման սկիզբն է»:

Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէն նախապէս ըսած էր, որ իր երկիրը «աւելի կազմակերպուած շփումներ ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ հետ, եւ Պաղտատի մէջ լաւ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են երկկողմ հարցերու վերաբերեալ եւ անոնք բնաւ կանգ չեն առած: Իպրահիմ Ռայիսիի կառավարութեան պաշտօնավարումէն յետոյ ուղերձները փոխանակուած են «համապատասխան մակարդակով»:

Թեհրանը բազմիցս ընդգծած է, որ միշտ կ'ողջունէ Ռիատի հետ երկխօսութիւնը, եւ որ իրենք պատրաստ են «բանակցութիւններ վարելու Սէուտական Արաբիոյ հետ որեւէ մակարդակով», եւ շեշտած է «իսլամական աշխարհի երկիրներու միջեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը ՝ առկայ խնդիրները լուծելու համար»:

Անցեալ Ապրիլին սէուտցի գահաժառանգ Մոհամմատ պըն Սալման իշխանը  լրատուամիջոցներով հեռարձակուող հարցազրոյցի ժամանակ ըսած էր, որ «թագաւորութիւնը կը յաւակնի լաւ եւ յատուկ յարաբերութիւններ հաստատել Իրանի հետ՝ որպէս հարեւան երկիր»: