image
Հրատապ լուրեր:

ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւն մը այցելած է Անթիլիաս

ՀՅԴ Բիւրոյի  պատուիրակութիւն մը այցելած է Անթիլիաս

Ուրբաթ, 29 Ապրիլ 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքին առնչուած կարգ մը խնդիրներ: