Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթաժողովին իր ելոյթին մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դերի մասին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնը ճիշդ չէ եւ անընդունելի է, գրած է ԹԱՍՍ-ը։
«Զարմանքով ընթերցեցի երէկ Ֆրանսայի նախագահի կողմէ եղած մեկնաբանութիւնը։ Կը կարծեմ՝ նման յայտարարութիւններու մէջ կը բացակայի հակամարտութեան բուն ընթացքի ըմբռնումը»,-ըսած է Փութին։
Ան նշած է, որ այդ յայտարարութիւնը ճիշդ չէ եւ անընդունելի է։
«Հնարաւորութիւն կ'ըլլայ, եւ մենք կը քննարկենք այդ հարցը Ֆրանսայի նախագահի հետ»,-աւելցուցած է Փութին։