image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀԿ-ի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի խափանման միջոցը՝ տնային կալանք

ՀՀԿ-ի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի խափանման միջոցը՝ տնային կալանք

Դատարանը որոշեց Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը ազատել կալանավայրէն, սակայն տնային կալանքի որոշում ընդունիլ։

Դատարանն արգիլեց, որ Արմէն Աշոտեան կապ ունենայ որեւէ մէկու հետ՝ բացի մերձաւոր ազգականներէն։ Վահէ Դոլմազեան նաեւ նշանակեց անոր նկատմամբ 25 միլիոն դրամ գրաւ։

Աշոտեան պիտի մնայ կալանքի տակ մինչեւ գրաւի գումարի վճարումը։

Նշենք, որ Արմէն Աշոտեան կալանքի տակ մնացած է մէկ տարի եւ հինգ ամիս։

Յիշեցնենք՝ ըստ Քննչական կոմիտէի՝ Կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար Արմէն Աշոտեան կը մեղադրուի պաշտօնէական դիրքի չարաշահման եւ փողերու լուացման համար, որ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ։