image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան կը պատրաստուի հնդկական արդիական զէնքեր ձեռք ձգել. Գլխաւոր զէնքը՝ «Աքաշ»ն է

Հայաստան կը պատրաստուի  հնդկական արդիական զէնքեր ձեռք ձգել. Գլխաւոր զէնքը՝ «Աքաշ»ն է

Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ շարունակուող լարուածութեան պայմաններուն մէջ Հայաստան կը դիտարկէ Հնդկաստանի հետ պաշտպանական նոր գործարքներ կնքելու հնարաւորութիւնը․ զենիթահրթիռային համալիրներէ զատ, ինչպիսին է «Աքաշ»-ը («Akash»), Հայաստան կը դիտարկէ անօդաչու թռչող սարքերու եւ այլ զինամթերքի հնարաւոր գնումը։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին նշած է հնդկական «ThePrint» առցանց թերթը։

«Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ անոր գործընկեր՝ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարար Շրի Ռաճնաթ Սինկհի երկկողմ հանդիպման ժամանակ ուշադրութեան կեդրոնը եղած է պաշտպանութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան խորացումը, որ տեղի ունեցած է 18 հոկտեմբերին Կանտինակար քաղաքին մէջ DEFEXPO 2022-ի շրջածիրէն ներս։ Հանդիպումը տեղի ունեցած է երկու երկիրները միջեւ կնքուած միջկառավարական պայմանագրէն ընդամէնը մի քանի շաբաթ անց, որու համաձայն պիտի կատարուէր հնդկական «Փինաքա» համազարկային կրակի հակազդող համակարգերու, «Քոնքուրս» հակաթանկային հրթիռային համակարգերու, ինչպէս նաեւ զինամթերքի լայն տեսականիի, ներառեալ՝ 80 մմ ականանետի վաճառք»,- նշում է ThePrint-ը։

Ըստ թերթի՝ Հնդկաստանի կառավարութեան աղբիւրները կը շարունակեն լռել այն մասին, թէ ինչ տեղի ունեցած է հայ նախարարի հետ երկկողմ հանդիպման ժամանակ, սակայն կը պնդեն, որ «ուշադրութեան կեդրոնին եղած է՝ համագործակցութիւնը պաշտպանութեան ոլորտի մէջ»:

ThePrint-ի աղբիւրներու համաձայն՝ Հնդկաստանի կառավարութիւնը հանդէս եկած է Հայաստանի հետ պաշտպանութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան օգտին՝ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ լարուածութեան պատճառով, երկրի մը, որուն կ'աջակցին Թուրքիան եւ Փաքիստանը։

ThePrint-ի աղբիւրները յայտնած են, որ Հայաստանը կը դիտարկէ տեղական «Աքաշ» զենիթահրթիռային համակարգերու գնման հնարաւորութիւնը։

«Հայաստանը նաեւ կը դիտարկէ Հնդկաստանի մէջ մասնաւոր ընկերութիւններու`Tata Advanced Systems Limited-ի (TASL) եւ Solar Industries-ի կողմէ մշակուած «կամիկաձէ» անօդաչու թռչող սարքեր (loitering munition) գնելու հնարաւորութիւնը»- յայտնած է ThePrint-ը։

Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էր The Print-ը, շատերը Ատրպէյճանը կը դիտարկեն որպէս Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի հետ ձեւաւորուող առանցքի մաս: Ատրպէյճան օգտագործած է թրքական անօդաչուները Հայաստանի դէմ պատերազմ վարելու համար, ինչպէս նաեւ «JF-17» կործանիչներ գնելու համար բանակցութիւններ կը վարէ Փաքիստանի հետ: