Իմ նախորդ գրութեանս մէջ դիտարկումներս, խոհերս ու մտահոգութիւններս արտայայտած էի հայ դպրոցներու «մոտայիկ»ութեան մասին։ Ներկայ գրութեամբ թուղթին կը յանձնեմ խոհերս հայոց լեզու եւ այլ առարկաներ դասաւանդող լաւ ու արհեստավարժ հայ ուսուցիչներու պարագան։ Գուցէ աւելի գործնական պիտի ըլլար եթէ անգլերէն արտայայտուէի այս նիւթերու շուրջ, որովհետեւ հայոց լեզուի նորոյթն ալ անցնելու վրայ է կարծես կամ արդէն անցած է՝ կրթական ասպարէզէն ներս վարչական-հոգաբարձական պարտականութիւններ ստանձնած բազմաթիւ անձերու համար։ Հետեւաբար, անհաւանական չէ, եթէ հետագային հայերէնով չարտայայտուիմ այս մասին։Տասնամեակներ առաջ, երբ որպէս նորակոչ ուսուցիչ հայոց լեզուի ու գրականութեան ՀԲԸՄ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ՝ վկայեալ Երեւանի Պետական Համալսարանէն Մագիստրոսի ու Դոկտորայի տիտղոսներով, աշխատավարձի նուազագոյն յաւելումի մը առթիւ սկսած բանակցութեանց ընթացքին ի մէջ հայ, օտար եւ հոգաբարձական կազմի անդամներուն, պատկառելի անդամ մը ուղղակի ըսաւ բորբոքած երանգով. «Եթէ չէք ուզեր մեր տուածով բաւականանալ, կրնաք ձգել եւ այլ ասպարէզներու մէջ մտնել, եթէ պէտք ըլլայ ես հիմա հարիւր հատ հայերէնի ուսուցիչ կը բերեմ Լիբանանէն 100 սթերլինի…» (կարծես 100 ձմերուկ կամ սեխի պէս ապրանքներ էին ներմուծուելիքները)։ Այդ պահուն ես, երիտասարդ ու արժանապատուութիւն ունեցող քիչ մը տաքարիւն ուսուցիչս, բորբոքած ոտքի ելայ եւ ըսի. «Գացէք գտէք. այսօրուընէ իսկ կրնաք զիս արձակել աշխատանքէ…», ու դուրս ելայ ժողովէն։ Երանի՜ թէ այն ատեն զիս գործէ արձակէին, որովհետեւ այսօր թերեւս այլ ասպարէզի մէջ յայտնուէի ու հետագային չկլլէի դառն դեղահատերը հայերէնի ուսուցիչ ըլլալու։ Թէեւ ըսեմ որ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն ալ ստացած եմ հայերէնի ուսուցիչ ըլլալով թէ՛ ՄԿՀ-ի եւ թէ՛ ԱՄՆ-ի մէջ՝ շնորհիւ ուսումնատենչ ու տեսիլք ունեցող աշակերտներու։Մեզմէ՝ հայերէնի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներէս վիթխարի արդիւնքներ կը սպասեն, երբեմն ալ հրաշքի համազօր բաներ՝ նուազագոյն վարձատրութեամբ։ Սպասողներն են մեր տնօրէնները, մանկավարժական խորհուրդներու, յանձնախումբերու, կրթական մարմիններու եւ հոգաբարձական կազմերու ստուար թիւով սրտցա՜ւ անդամները։ Իրաւունք ունին, ի հարկէ, հապա ինչո՞ւ համար այսքան զոհողութիւններ կը կատարուին…։ Ծնողներ իրենց կարգին մեզմէ կը սպասեն որ իրենց մատղշուկ զաւակները հայերէնը սիրեն, սիրելով հայերէն սորվին, I hate Armenian չըսեն, շատ տնային պարտականութիւններով չխճողուին իրենց գլուխները, շատ անծանօթ բառեր չյանձնարարուին սորվելու (՞), ինչպէս օրինակ՝ հողաթափ, ինքնաշարժ, համակարգիչ, երթեւեկութիւն, գնումի երթալ եւ այլն (չ՞է որ «ե՞րբ պիտի գործածեն այդ բառերը» պատճառաբանութիւնը միշտ պատրատ է…)։
Անգլերէն, ընկերային գիտութիւններ, գիտական առարկաներ դասաւանդող հայ ուսուցիչներուս անձնդիր աշխատանքին ծնողներ (եւ կրթական յանձնախումբերու անդամներ) կը հետեւին գերարդիական խոշորացոյցերով, մանաւանդ եթէ իրենց երախան իրենց ցանկացած նիշը չստանար այդ առարկաներուն մէջ։ Ականատես եղած եմ դէպքերու, երբ այս երկրին մէջ գրեթէ մեծցած եւ անգլերէնին կամ իր մասնագիտութեան մէջ լաւ համալսարանէ մը վկայեալ հայ ուսուցիչին մէջ փնտռած են խոցելի կէտեր։ Ըսած են. «Այսինչեանը accent ունի. ես չեմ ուզեր իմ զաւակս accent-ով խօսի», մինչդեռ անտեղի կերպով տրտնջացող ծնողքը տունը յամառօրէն անգլերէն կը խօսի իր զաւակներուն հետ… ոչ-ամերիկեան accent-ներով։
Քիչ չէ թիւը այն ուսուցիչներու, որոնք այս եւ այլ պատճառներէ դրդուած ձգած հեռացած են հայկական վարժարաններէ։ Կը ցաւիմ որ կոսնցնողը մեր հայկական վարժարանները կ՚ըլլան, որովհետեւ այդ «չհաւնուած» ու իբր թէ խոցելի կէտեր ունեցող մեր հատուկէնտ ուսուցիչ- ուսուցչուհիները երբ լքած են իրենց պաշտօնավարած հայկական վարժարանները (ոմանք այդ նոյն վարժարաններէն շրջանաւարտ), շուտով սիրուած են իրենց պաշտօնավարած նոր օտար դպրոցներուն մէջ, աւելի՛ շատ գնահատուած են օտար ծնողներու կողմէ եւ շուտով ալ ստացած են արդար ու արժանապատիւ աշխատավարձեր։
Օրինակ մը տալու համար (անունները զանց կ՚ընեմ)՝ վերջերս մանկավարժական տիպար պատրաստութիւն ունեցող ու վկայեալ մասնագէտ ուսուցչուհի մը, որ կը տիրապետէ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներու, կրնար յաջող կերպով ստանձնել իր իսկ շրջանաւարտ եղած վարժարանին տնօրէնական պաշտօնը, չենք գիտեր ինչ ինչ հաշիւներու պատճառաւ իրեն զլացուեցաւ այդ պաշտօնը եւ ինք ստիպուած եղաւ սրտի ցաւով լքել իր պաշտօնավարած վարժարանը, ուրկէ ստացեր էր իր կրթա-դատիարակչական սնունդը եւ շրջանաւարտ եղեր էր բարձր գնահատականներով։ Ինչո՞ւ չուրախանայինք մենք՝ իր ուսուցիչները եւ մատով զինք ցոյց տալով ու արդար հպարտութեամբ ի լուր աշխարհին չյայտարարէինք. «Ահաւասիկ մեր աշակերտուհին, որ այժմ կը տնօրինէ իր եւ մեր դպրոցը…»։
Ու տակաւին մեր բազմաթիւ «վա՜յ» ղեկավարներ ասդ ու անդ կուրծք կը ծեծեն վայվայելով թէ իբր հայերէնի ուսուցիչներ չունինք, հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները մանկավարժութեան ճիւղին չեն հետեւիր։
Տիկնայք եւ պարոնայք ղեկավարներ, արդի՞ւնք կ՚ուզէք, մանաւանդ այս մրցակցային աշխարհին մէջ, պէտք է գնահատէք ու գոհացնէք ձեր ուսուցիչները, արժանապատիւ ապրելու չափ աշխատավարձ վճարելով անոնց, այլապէս օր պիտի գայ, երբ այսօր ձեր առաջարկած աշխատավարձով աշխատելու ստիպուած ուսուցիչներն ալ պիտի չգտնէք վաղը։ Ամենէն ցած ամսականով հայերէնի ուսուցիչ փնտռելը, կամ բերել ոեւէ մէկը որ կրնայ «քալեցնել» (եոլա տանիլ) հայերէնի դասապահը՝ կը ստիպէ ինծի տալ յաջորդ հարցումը՝ «Հայ որակեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիին նորո՞յթն ալ անցեր է արդէն»։
Դպրոց ունենալու սիրոյն հայ դպրոց դարձնելը ժամավաճառութիւն է, որովհետեւ աւելի շատ միջակութիւններ պիտի ելլեն քան ձեր եւ մեր երազած «վաղուան ազգային ղեկավարներն ու գիտակից հայերը»(՞)։
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
(*) Սրտի անհուն բերկրանքով մամուլէն կ՚իմանամ թէ Լոս Անճելըսի Շ. Եւ Է. Մէրտինեան Հայ Աւետարանական վարժարանը ձեռնարկած է նոր դպրոցաշէնքի մը կառուցման՝ Պէզճեան ընտանիքի առատաձեռն նուիրատուութեամբ։
Լուսանկարը՝ Կիւրեղ Եպս. Գաբիկեան, հիմնադիր Ս. Թարգմանչաց վարժարանի երկրորդական բաժնի (Երուսաղէմ)