image

Հասիչէի մէջ. Ամերիկան օթեկ սերմացուներ կը տրամադրէ

Հասիչէի  մէջ. Ամերիկան օթեկ սերմացուներ կը տրամադրէ

«ՍԱՆԱ» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տարրալուծարանային քննութիւնները ապացուցած են «թրքական ցորենի սերմերուն անվաւերութիւնը, որոնք ամերիկեան ուժերը Քամիշլիի գիւղական որոշ շրջաններու հողագործներուն տրամադրած են այսպէս կոչուած ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցով»։

Հասիչէի գիւղատնտեսութեան եւ գիւղատնտեսական բարեփոխումներու տնօրէն Սայիտ Ճիճին ըսած է, որ տնօրէնութիւնը «ամերիկեան ուժերուն կողմէ տրամադրուած ցորենի սերմերու նմուշ ուղարկած է Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տարրալուծարաններ, եւ պարզուած է, որ անոնք պիտանի չեն, անոնց մէջ գտնուող նեմաթոտաներու բարձր՝ 40%-ի հասնող մակարդակին համար, ինչ որ մեծ վտանգ կը ներկայացնէ տարածաշրջանի գիւղատնտեսութեան համար, յատկապէս որ անոր ազդեցութիւնը մեծ վնաս կը պատճառէ եւ որ ժամանակի ընթացքին աւելի կը վատանայ»։

Ճիճին զգուշացուցած է Քամիշլիի եւ տարածաշրջանի հողագործները՝ չզբաղիլ թրքական այս սերմերուն հետ՝ կոչ ընելով զանոնք չցանելու եւ ոչնչացնելու, քանի որ անոնց վնասը կը շարունակուի տարիներ շարունակ եւ կը յառաջացնէ գիւղատնտեսական հողերու համաճարակ։ 

Հասիչէի հողագործներու միութիւնը նախազգուշացուցած էր մարդիկը եւ հողագործները անյայտ ծագումով սերմերէն՝ կոչ ընելով չցանելու զանոնք, քանի որ անոնք պիտանի չեն մշակութեան համար եւ պատճառ կը դառնան գիւղատնտեսական վնասներու։