image
Հրատապ լուրեր:

ՀԱՊԿ-ի զօրքեր դէպի Խըրխըզիստանի սահմա՞ն

ՀԱՊԿ-ի  զօրքեր դէպի Խըրխըզիստանի սահմա՞ն

Ղրղզստանի պաշտպանութեան նախարար Պաքթիբեկ Պեքպոլոթովը մեկնաբանած է 4 հոկտեմբերին Պիշքէկի մէջ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ իր հանդիպումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, վկայակոչելով «Ազատութիւն» ռատիոկայանի Պիշքէքի ծառայութիւնը, 19 հոկտեմբերին կայացած մամուլի ասուլիսի ընթացքին ան յայտարարած է, որ Զասի հետ քննարկած է ղրղզա-տաճկական սահմանին տիրող իրավիճակը:

«Վերջերս հանդիպած եմ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ։ Ես անոր ըսի, որ Ղրղզստանի եւ Տաճիկստանի միջեւ խաղաղութիւն չըլլար, քանի որ ղրղզները ունին իրենց ճշմարտութիւնը, իսկ տաճիկները՝ իրենց։ Մեր միջեւ պէտք է կանգնի երրորդ դատաւորը, օրինակ ՝ ՀԱՊԿ-էն, ՀԱՊԿ փոքր զօրախումբը իր առաջադրանքներով՝ վերահսկէ հրադադարի ռեժիմը եւ հեռացնէ պետական սահմանէն ծանր սպառազինութիւնը։ Եթէ անոնք լուծեն այս երկու հարցերը, ապա կարելի է սկսիլ քննարկել ղրղզա-տաճկական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման քաղաքական խնդիրները», - ըսած է Պեքպոլոթովը։

Միեւնոյն ժամանակ, պաշտպանութեան նախարարը Ղրղզստանի քաղաքացիներուն կոչ ըրած է զերծ մնալ բանակը քննադատելէ, քանի որ քաղաքացիներու որոշ յայտարարութիւնները կ'օգնեն «ապակառուցողական ուժերուն»: