image

Հանդիպումները այսուհետ Երեւանի եւ Անգարայի մէջ

Հանդիպումները այսուհետ Երեւանի եւ Անգարայի մէջ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան պայմանաւորուած են յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հանդիպումները կայանան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Ինչպէս գրած է ՌԻԱ «Նովոստի»-ն, այս մասին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:

«Մեր յատուկ ներկայացուցիչները չորս անգամ հանդիպած են։ Հետագայ հանդիպումները տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ մէջ կամ Հայաստանի մէջ։ Մենք անկեղծօրէն կը վերաբերինք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման»,- նշած է թուրք նախարարը:

Անոր խօսքով՝ հիմնական խնդիրն այն է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր չէ ստորագրուած։

«Մենք Ատրպէյճանի հետ համաձայնեցուած քայլեր կը ձեռկենք»,-ըսած է Չաւուշօղլուն: