Հալէպի մէջ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշքարեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան կարգ ի յիշատակ ՀՕՄ-ի եւ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի ննջեցեալներուն։
Այս մասին կը կարդանք ՝ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս կը գրուի՝
Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի հանդիսապետութեամբ, Մեծ Պահեցողութեան Արեւագալի ժամերգութիւն կատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահը, մասնակցութեամբ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի եւ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեանի։
Օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը կատարեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։ Ան յայտնեց, թէ Մեծ Պահեցողութեան օրերուն անհրաժեշտ է, որ Արեւագալի եւ Հսկումի ժամերգութիւններուն մասնակցինք, աղօթենք եւ սաղմոսներ ընթերցենք, որպէսզի հոգեպէս վերանորոգուինք։
Մեծ Պահեցողութեան շրջանին Հայր Սուրբը պատուիրեց հետեւեալները.-
Ա- Աղօթքով հաղորդակցութեան մէջ մտնել Աստուծոյ հետ եւ Տիրոջ ներկայութիւնը զգալ մեր կեանքէն ներս։
Բ- Լեզուն սանձել, որովհետեւ լեզուն կրակ է եւ անիրաւութեան աշխարհ մըն է, ինչպէս Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ, ուստի, ճիշդ չէ որ նոյն բերանէն ելլեն թէ՛ օրհնութիւնը եւ թէ՛ անէծքը։
Գ- Զղջումի եւ ապաշխարութեան ճամբով մաքրութեան եւ սրբութեան ընթացքի մէջ մտնել։
Հայր Սուրբը յայտնեց, թէ վերոյիշեալ կէտերը նկատի ունենալով Պահեցողութիւնը կը շարունակենք եւ զայն կ՚ամբողջացնենք Յարութեան յոյսով։
Աւարտին, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ննջեցեալներու յիշատակին, ներկայութեամբ՝ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. վարչութեան անդամ Սիրան Ամպարճեանի, Ս.Օ.Խաչի Շրջ. վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեանի, Շրջ. վարչութեան անդամներուն եւ միութեան անդամուհիներուն։ Սրբազան Հայրը «Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը արտասանեց՝ միութեան ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։