Հալէպի մէջ Հայ երեք համայնքապետերուն հովանաւորութիւնը վայելող «Արեւիկ» կեդրոնի խնամակալութիւնը այս տարի եւս իրականացուց իր տարեկան պտոյտի ծրագիրը։ Արեւիկի սաները իրենց ծնողներուն եւ խնամակալութեան ընկերակցութեամբ այցելեցին Քաֆրուն ամարանոցը։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝
Հայ երեք համայնքապետերուն հովանաւորութիւնը վայելող «Արեւիկ» կեդրոնը, հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն եւ կեդրոնի շէնքին քանդումին, կը շարունակէ իր գործունէութիւնը Ազգ. Միացեալ վարժարանէն ներս։ Շաբաթ օրերը երկու ժամուան դրութեամբ կեդրոնին սաները կը հաւաքուին եւ կամաւոր ուսուցիչներու ժրաջան աշխատանքով հաճելի ժամեր կ՝ունենան։ Իսկ ամառնային արձակուրդին, քառօրեայ պտոյտ մը կ՝իրագործուի։
Այս տարի եւս խնամակալութիւնը իրականացուց իր տարեկան պտոյտի ծրագիրը։ Արեւիկի սաները իրենց ծնողներուն եւ խնամակալութեան ընկերակցութեամբ այցելեցին Քաֆրուն ամարանոցը։
Չորս օրուան տեւողութեամբ պտոյտին ընթացքին անոնք վայելեցին Քաֆրունի մաքուր ու ջինջ օդը, գեղեցիկ բնութեան մէջ անցուցին հաճելի ժամանակ, նաեւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ Ս. Գիրքի սերտողութիւն կատարուեցաւ։ Մտերմիկ ընտանեկան տաքուկ մթնոլորտ մը տիրեց ամբողջ պտոյտի ընթացքին։
Վարձքը կատար «Արեւիկ» կեդրոնի խնամակալութեան եւ բոլոր բարերարներուն, որոնց շնորհիւ իրականացաւ սոյն ծրագիրը։