Մշակոյթի, գիտութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու խումբը բաց նամակ ուղղած է երկրի դաշնային կանցլեր Օլաֆ Շոլցին` կոչ ընելով անոր ծանր սպառազինում չմատակարարելու Ուքրանիոյ: Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը պէտք չէ առիթ ունենայ ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու տարածքին, կ'ըսուի նամակին մէջ:
Պարբերականի տիրապետութեան տակ յայտնուած փաստաթուղթին հեղինակները, ի տարբերութիւն կանցլերի դիրքորշումը քննադատողներուն, աջակցութիւն յայտնած են Շոլցին, որ աւելի վաղ յայտարարած էր, որ մտադիր է ընել ամէն հնարաւորը` խուսափելու համար ՆԱԹՕ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ անմիջական ռազմական բախումէն:
«Յոյսով ենք, որ չէք մոռնար ձեր նախնական դիրքորոշումը եւ այլեւս անմիջականօրէն կամ անուղղակիօրէն ծանր զէնք չէք ուղարկեր Ուքրանիոյ: Ընդհակառակը, կոչ կ'ընենք ընել ամէն հնարաւորը` շուտափոյթ հասնելու հրադադարի եւ փոխզիջման, որ կրնան ընդունիլ երկու կողմերը», կ'ըսուի նամակին մէջ
Նամակին հեղինակները կը կարծեն, որ Փութինը Ուքրանիոյ դէմ յարձակում սկսած է` խախտելով միջազգային իրաւունքը: Սակայն այդ չ'արդարացներ «այդ պատերազմին` միջուկային հակամարտութեան վերածուելու» վտանգը: Ըստ հեղինակներուն` մեծ քանակով ծանր սպառազինման մատակարարումը կրնայ Գերմանիան հակամարտութեան կողմ դարձնել: Այդ պարագային ռուսական հարուածը «կրնայ օգնութեան անհրաժեշտութիւն հրահրել` ըստ ՆԱԹՕ-ի կանոնակարգին, եւ հետեւաբար` համաշխարհային պատերազմի անմիջական վտանգ»:
Նախօրէին պունտեսթակը ճնշող մեծամասնութեամբ հաւանութեան արժանացուցած է Ուքրանիոյ ծանր զէնքի մատակարարումները: Բանաձեւը ընդունուած է պատգամաւորներու 586 կողմ եւ 100 դէմ ձայնով: