Ֆրանսացի աջ ծայրահեղական հրապարակախօս, լրագրող Էրիք Զեմուր, որ որպէս թեկնածու առաջադրուած է նախագահական ընտրութիւններուն, Դեկտեմբեր 11-14-ին պիտի գտնուի Հայաստանի մէջ:
Նախագահի թեկնածուն այս մասին գրած է իր պաշտօնական թուիթըրեան էջով.
«Հայաստանի մէջ պիտի ըլլամ Դեկտեմբեր 11-14։ Ֆրանսայի վաղեմի բարեկամ ազգ», գրած է Զեմուր:
Էրիք Զեմուր իր շտաբում հաւաքուած քանի մը լրագրողներու առջեւ արդարացուցած էր այս ընտրութիւնը «հին քրիստոնէական հողը» յարգելու ցանկութեամբ, որ ան կը համարէ «մեր քաղաքակրթութեան բնօրրանը»։ Ըստ անոր, «Եւրոպան հիմնադրուած է քրիստոնէութեամբ», եւ որ «առանց քրիստոնէութեան չկայ Եւրոպա եւ չկայ Ֆրանսա»։
Նշենք, որ Ֆրանսայի մէջ նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայանան 2022-ի Ապրիլ 10-ին: