Հայաստան- «Արեւելք»ի աղբիրները կը յայտնեն, որ օրեր առաջ Երեւանի մէջ հրապարակուած Պոլսահայ բանպաստեղծ եւ հայ գրականութեան զարթօնքի շրջանի երեւելի դէմքերէն `Եղիա Տէմիրճիպաշեանի նուիրուած հատընտիր մը: Հատորը կը կրէ «Անգեղն Երգ» խորագիրը եւ գրքի որպէս նախաբան ընտրուած է Տէմիրճիպաշեանի «Ի՞նչ Է բանաստեղծութիւնը« յօդուածը: Հատորին մէջ տեղ գտած է նաեւ հայրենի գրականագէտ Սիրանոյշ Դւոյեանի կողմէ պատրաստուած ծանօթագրութիւններու բաժին մը: Նշենք- որ գիրքը հրապարակուած է Սարգիս Խաչենց հրատարակչատան կողմէ: