image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի Մէջ Լոյս Տեսած Է Եղիա Տէմիրճիպաշեանի «Անգեղն Երգ» Բանաստեղծական Հատընտիրը

Երեւանի Մէջ Լոյս Տեսած Է Եղիա Տէմիրճիպաշեանի  «Անգեղն Երգ»   Բանաստեղծական   Հատընտիրը

  Հայաստան- «Արեւելք»ի աղբիրները կը յայտնեն, որ  օրեր առաջ  Երեւանի մէջ  հրապարակուած  Պոլսահայ  բանպաստեղծ եւ  հայ գրականութեան զարթօնքի շրջանի     երեւելի դէմքերէն  `Եղիա Տէմիրճիպաշեանի  նուիրուած հատընտիր մը: Հատորը կը  կրէ  «Անգեղն Երգ»  խորագիրը եւ   գրքի որպէս նախաբան ընտրուած է  Տէմիրճիպաշեանի   «Ի՞նչ Է բանաստեղծութիւնը«   յօդուածը:  Հատորին մէջ  տեղ գտած է նաեւ հայրենի    գրականագէտ Սիրանոյշ Դւոյեանի  կողմէ պատրաստուած    ծանօթագրութիւններու բաժին մը: Նշենք- որ գիրքը  հրապարակուած է Սարգիս Խաչենց  հրատարակչատան կողմէ: